Bible

Engage

Your Congregation Like Never Before

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

2 Corinthians 2

:
Armenian - 2019
1 Հետեւաբար, ես ինքս որոշեցի Կորնթոս չգալ, որ–պէսզի դարձեալ չտրտմեցնեմ ձեզ։
2 Որովհետեւ եթէ ես ձեզ տրտմեցնեմ՝ ալ ո՞վ զիս պիտի ուրախացնէ. չէ՞ որ նոյնինքն իմ տրտմեցուցած անձերս պիտի ըլլան զիս ուրախացնողները։
3 Եւ այս նամակս գրեցի, որովհետեւ կ՚ուզէի որ գալուս՝ միայն ուրախանամ ձեզմով, եւ ո՛չ թէ տրտմիմ, վստահ ըլլալով՝ որ իմ ուրախութիւնս ձեր բոլորին ուրախութիւնն է։
4 Իրապէս ալ, սիրտս մեծ վիշտով ու նեղութեամբ լեցուած էր, եւ աղի արցունքով գրեցի զայն, ո՛չ թէ որպէսզի տրտմիք, այլ որպէսզի գիտնաք այն անսահման սէրը որ ունիմ ձեզի հանդէպ։
5 Գալով անոր՝ որ տրտմութեան պատճառ եղաւ, միայն զիս չէր որ տրտմեցուց, այլ՝ եթէ ոչ բոլորդ՝ գոնէ ձեզմէ ոմանք. ոմանք կ՚ըսեմ, որպէսզի չափազանցած չըլլամ։
6 Բայց արդէն անոր կը բաւէ այն պատիժը որ ձեզմէ շատերէն կրեց։
7 Այսուհետեւ՝ ընդհակառակը՝ աւելի պէտք է ներել եւ յուսադրել զինք, որպէսզի չըլլայ որ չափազանց տրտմութենէն յուսահատութեան մատնուի։
8 Ուստի կ՚աղաչեմ, որ վերստին սէր ցոյց տաք իրեն։
9 Նամակս գրած էի՝ ձեզ փորձելու համար. տեսնելու թէ իսկապէս հնազա՞նդ էք։
10 Եթէ դուք կը ներէք իրեն՝ ես ալ կը ներեմ. որովհետեւ ես ալ երբ ոեւէ բան կը ներեմ՝ ձեզի համար կը ներեմ, Քրիստոսի փոխարէն,
11 որպէսզի չըլլայ որ Սատանան մեր աններողութիւնը օգտագործէ. որովհետեւ անոր խորհուրդները լաւ գիտենք։
12 Երբ Տրովադա հասայ, Քրիստոսի Աւետարանը քարոզելու համար, Տէրը իմ առջեւս յաջողութեան դուռը բացաւ։
13 Բայց ես չափազանց մտահոգ էի, որովհետեւ հոն չգտայ Տիտոսը, մեր եղբայրը։ Ուստի Տրովադացիներէն հրաժեշտ առնելով՝ Մակեդոնիա հասայ։
14 Արդ, գոհութիւն Աստուծոյ, որ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական երթին մասնակից կը դարձնէ մեզ, եւ մեր միջոցաւ իր գիտութեան բոյրը կը տարածէ ամենուրեք։
15 Փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուն մէջ ապրինք, թէ՝ կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն, մեր կեանքերը Քրիստոսի ձեռքով Աստուծոյ ընծայուած անուշահոտ խունկի պէս իրենց բոյրը կը տարածեն։
16 Կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար՝ մահաբոյր եւ մահաբեր կը թուի մեր կեանքը, բայց փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար՝ կեանքի բուրմունք է, կեանքի տանող։ Սակայն ո՞վ կրնայ այսպիսի կեանք մը ապրիլ։
17 Անշուշտ ո՛չ անոնք՝ որոնք Աստուծոյ խօսքը վաճառքի կը հանեն, այլ՝ մենք, որ անկեղծօրէն կը խօսինք Աստուծոյ առջեւ՝ որպէս Քրիստոսի միացած Աստուծոյ պատգամաւորները։